2016-09-16 10:47:00

Հռոմ. Իտալերէն թարգմանուած` Հանրի Վերնէոյի ''Մայրիկ'' գիրքի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 15 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Հռոմի Ձայնային եւ լսատեսողական կեդրոնական հաստատութեան դահլիճին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ իտալացի լրագրողուհի` Լեթիցիա Լէոնարտիի ջանքով իտալերէնի թարգմանած` Հանրի Վերնէոյի ''Մայրիկ'' գիրքին, ի ներկայութեան ՀՀ Իտալիոյ մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանի։ 

Այս առթիւ Ռատիովտականի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  Լեթիցիա Լէոնարտին յայտնեց թէ ինք առիթը ունեցած էր պատահաբար ծանօթանալու ''Մայրիկ'' ֆիլմին, որ զինք իսկապէս յուզած ու իր վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած էր, ըլլայ այնտեղ ներկայացուած հայ ընտանիքի սրբութիւնը ու հայ ազգի արժանապատիւ վարուելակերպն ու վճռակամութիւնը նայելու ապագային առանց սակայն մոռնալու անցեալը, աւանդութիւններն ու ինքնութիւնը, ըլլայ այն իրականութիւնը թէ մինչեւ օրս` հայ ազգին կրած հալածանքներն ու ցեղասպանութիւնը կը մնան լռութեան լուծին տակ։ Ասկէ մեկնելով Տիկ Լէոնարտի վճռած է իր անձնական ջանքերով իտալերէնի թարգմանել Մայրիկ գիրքը, զայն  հանրութեան ներկայացնելու համար, որպէսզի այս պատմական եղելութիւնը մոռացութեան չմատնուի։

Բացման խօսքին մէջ դեպան Պաղտասարեան ընդգծեց Մայրիկ բարի իմաստը հայերուն մօտ մատնանշելով թէ ''Մայրիկ'' գիրքին մէջ կան բազմաթիւ մայրիկներ ու նաեւ այդ Մայր հայրենիքը որուն միշտ ձգտած են ու կը ձգտին հայ ազգի զաւակները ուր որ ալ գտնուին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.